2014-09-05 09:36:40

Քաղտէացիներու Պատրիարք` Ռափայէլ Սաքոյի յայտարարութիւնը քրիստոնեաներու ու փոքրամասնութիւններու տեղահանումի մասին իսլամական պետութեան կողմէ։


''Աւելի քան 120 հազար քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններու իրենց հողերէն ու օճախներէն վտարումէն մէկ ամիս ետք, իսլամական պետութեան կողմէ, անոնց ճակատագրին մասին ոչ մէկը կը խօսի, կարծէք այդ եղելութիւնը սովորական երեւոյթ մը ըլլար, ասիկա ողբերգութիւն մըն է ողբերգութեան մէջ'' յատարարեց քաղտէացիներու Սաքօ Պատրիարքը աւելցնելով թէ ''հանրային կարծիքը պէտք է գիտնայ որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի հայրենիքին հաւատարիմ, անմեղ եւ անզէն քրիստոնեաներուն դէմ'' ։
Ան իր յայտարարութեան մէջ ապա ցաւ յայտնեց որ Իրաքեան կառավարութիւնը անկարող ու անզօր է կարգ ու կանոնը պարտադրելու եւ թէ այս դիրքով ան կը սատարէ ահաբեկիչներու տմարդի նուաճումներուն։
Պատրիարքը ցաւով դիտել տուաւ որ մինչ մարդիկը կը տառապին քաղաքագէտները սին վիճաբանութիւններու մէջ են, տէր դառնալու գլխաւոր դիրքերու, փոխանակ միանալու եւ արմատախիլ ընելու ծայրայեղութիւնը ու լուծում գտնելու երկրի ողբերգական կացութեան։
Պատրիարքը հուսկ իր հայրական խօսքը ուղղեց Իրաքի քրիստոնեաներուն, քաջալերելով զանոնք երկրէն չի հեռանալ, հաստատ մնալ իրենց հաւատքին մէջ ու շարունակել մնալ խմորը ընկերութեան։
Ի վերջոյ Քաղտէացիներու Պատրիարքը քրիստոնեայ հասարակութիւններէն խնդրեց որ դիմում ներկայացնեն ՄԱԿին որպէսզի խաղարար ոյժ մը ուղարկէ Իրաք` ու զանոնք հրաւիրեց իրարու մէջ կազմակերպուելու, նոր սերունդին դաստիարակութիւնը ապահովելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.